Անվերապահ զօրակցութիւն՝ Երեւանի հանրահաւաքին. ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի ԿեդրոնականԿոմիտէ

ՀՅԴ Արևմտյան Եվրոպայի Կենտրոնական կոմիտեն փետրվարի 20-ին Երևանում կայանալիք հանրահավաքին աջակցելու մասին հայտարարություն է տարածել, որը ներկայացնում ենք ստորև.

Շաբաթ, 20 Փետրուարին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակ պիտի հաւաքուին գաղափարի մեր ընկերներն ու մեր հայրենակիցները, որոնք կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի ու անոր վարչախումբին հեռացումը:

Պատերազմի պարտութեան, հողային զիջումի, խայտառակ անձնատուութեան, հինգ հազար նահատակներու, աւելի քան երկու հազար գերիներու եւ անհետ կորածներու գլխաւոր պատասխանատուութիւնը կրող իշխանութիւնները, սակայն, կը յամառին կառչած մնալ իրենց աթոռներուն ու շարունակել հայրենադաւ, պետականաքանդ ու ապազգային իրենց քաղաքականութիւնը: Աւելին: Երկուքուկէս տարի անընդհատ Ժողովրդավարութենէ ճառող վարչախումբը առաջին հերթին ի՛նք հարուածեց, սպաննե՛ց ժողովրդավարութիւնը, երբ մերժեց կանխահաս ընտրութիւն կազմակերպել, ուր ժողովուրդը իր ազատ կամքով, իր քուէո՛վ պիտի որոշէր իշխանութեան ու երկրին ապագան:

 Յստակ է, չկայ կանխահաս ընտրութիւն, ժողովրդավարութեան քաղաքակիրթ ճանապարհը փակուած է, հետեւաբար կը մնայ մէկ ճանապարհ. ժողովրդային բողոքի տարբեր ելոյթներով պարտադրել ժողովուրդին ազատ կամքը:

Արեւմտեան Եւրոպայի դաշնակցական ամբողջ ընտանիքը իր ձայնը միացուցած Հայաստանի մեր ընկերներուն ու շարքերուն, անվերապահ զօրակցութիւն կը յայտնէ վաղուան հանրահաւաքին, այն խիստ համոզումով, որ ներքին թէ արտաքին ճակատի վրայ հեղինակազրկուած վարչախումբին ներկայութիւնը առաւել դիւրաբեկ կը դարձնէ արդէն իսկ փխրուն մեր ազգային անվտանգութիւնը:

 Առ այդ, ներկայ անցանկալի իրավիճակէն դուրս գալու, վերականգնելու եւ վերակազմակերպուելու նախապայմանը նոր իշխանութիւններու ձեւաւորումն է, զոր արդարօրէն կը պահանջեն Հայաստանի մեր ընկերները եւ մեր հայրենակիցները: Հայրենիքը լուրջ վտանգուած է, իշխանութեան փոփոխութիւնը անվիճելի, կենսական պահանջ է, փրկարար միակ ելքն է:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի ԿեդրոնականԿոմիտէ

19 Փետրուար 2021
Փարիզ

Այս թեմայով
am